KAFKASSAM – Kafkasya Stratejik Araştırmalar Merkezi

  1. Anasayfa
  2. »
  3. Ermenistan
  4. »
  5. ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ: Զինադադա՞ր, Թէ Անձնատուութիւն. Արցախեան Համաձայնագիրը Պէտք Է Փոփոխութեան Ենթարկուի

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ: Զինադադա՞ր, Թէ Անձնատուութիւն. Արցախեան Համաձայնագիրը Պէտք Է Փոփոխութեան Ենթարկուի

Hasan Oktay Hasan Oktay - - 11 dk okuma süresi
425 0

1227haroutsassounianՀայաստանի վարչապետին եւ Ատրպէյճանի ու Ռուսիոյ նախագահներուն միացեալ յայտարարութիւնը, որ հրապարակուեցաւ 9 Նոյեմբեր 2020ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ ներկայացուեցաւ իբրեւ զինադադարի փաստաթուղթ եւ ոչ թէ Արցախի հարցի վերջնական լուծում:

Թէեւ այս համաձայնագիրը վերջ դրաւ շարունակուող պատերազմին, իրականութեան մէջ անիկա աւելին էր, քան զինադադար: Անիկա կը ներառէր 1990ական թուականներուն հայերուն կողմէ ազատագրուած տարածքներուն մեծ մասի վերադարձը Ատրպէյճանին: Անիկա Ատրպէյճանին ըրաւ նաեւ այլ զիջումներ, որոնք Արցախի հետ կապ չունին: Հետեւաբար, այս փաստաթուղթը անձնատուութի՛ւն է Հայաստանի համար:

Այս «Յայտարարութիւնը» անորոշ կերպով կազմուած փաստաթուղթ մըն է, որ լուրջ ճշգրտումի, եթէ չըսենք` վերստին բանակցելու եւ լուրջ պարզաբանման կարիքը ունի: Այսու կը մեկնաբանեմ այս «Յայտարարութեան» բոլոր ինը կէտերը.

Այս «Յայտարարութեան» առաջին արտասովոր կէտը այն է, որ թէեւ երեք ղեկավարները պայմանաւորուեցան դադրեցնելու մարտերը «ներկայիս գտնուած իրենց դիրքերուն մէջ» (կէտ 1), հայկական կողմը պարտաւոր է վերադարձնելու այն հողերը, զորս Ատրպէյճան չէր իսկ նուաճած: Կրակի դադրեցման պայմանը ընդհանրապէս կը մատնանշէ կրակի դադրեցում շփման կէտին վրայ եւ կողմերուն միջեւ եղած տարակարծութիւններու հետագայ կարգաւորում՝ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ: Ահա թէ ինչո՛ւ ես այս համաձայնագիրը կը կոչեմ անձնատուութիւն, այլ ոչ թէ զինադադար:

Երկրորդ դիտարկումս այն է, որ «Յայտարարութիւն»ը կոչ կ՛ընէ Աղտամի շրջանը վերադարձնելու Ատրպէյճանին՝ առանց այդ տարածքը վերադարձնող հայկական կողմին անունը նշելու (կէտ 2): Այսուամենայնիւ, «Յայտարարութեան» 6րդ կէտին մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը նշուի իբրեւ կողմ, որ Քելբաջարի եւ Լաչինի շրջանները պարտաւոր է վերադարձնել Ատրպէյճանին: Ասիկա լո՛ւրջ սխալ է Հայաստանի կողմէ, քանի որ Արցախի եւ յարակից տարածքներու ազատագրումը մշտապէս ներկայացուած է իբրեւ Արցախի հայկական ուժերուն կողմէ կատարուած, այլ ոչ թէ Հայաստանի: «Յայտարարութեան» մէջ նշուած այս նախադասութեամբ Հայաստան կ՛ընդունի, որ ինք գրաւած է այդ տարածքները, այսպիսով ստանձնելով իրաւական պատասխանատուութիւն՝ միջազգային դատարանին կողմէ նշանակուած որեւէ փոխհատուցման համար ի շահ Ատրպէյճանի: Յղումը՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան», պէտք է փոխարինուի «հայկական ուժեր»ով:

«Յայտարարութեան» 3րդ կէտ. Արցախի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերուն թիւը կը նշուի 1960: Սակայն, կան տեղեկութիւններ այն մասին, որ հոն հիմա աւելի շատ ռուսական զօրք կայ, եւ կրնայ ըլլալ, որ ապագային շատ աւելին ըլլայ: Ասիկա շեղում է «Յայտարարութիւն»էն, ինչ որ կը նշանակէ, թէ այս համաձայնագրիին մէջ կարելի է նաեւ ուրիշ փոփոխութիւններ կատարել:

«Յայտարարութեան» 4րդ կէտ. ռուս խաղաղապահներուն յանձնարարուած է հինգ տարի մնալ երկու կողմերուն միջեւ, եթէ Հայաստան կամ Ատրպէյճան անոնցմէ չպահանջեն հեռանալ` հինգ տարիէն վեց ամիս առաջ: Թէեւ հասկնալի է, որ ոչ մէկ խաղաղապահ կրնայ յաւերժ մնալ, այս դրոյթը պէտք է անհանգստացնէ հայերը, որովհետեւ նախագահ Ալիեւ յայտարարած է, թէ Ատրպէյճան կ՛ուզէ վերադարձնել ամբողջ Արցախը, ոչ թէ միայն անոր մէկ մասը: Ուստի, ամենայն հաւանականութեամբ, Ատրպէյճան Ռուսիայէն պիտի պահանջէ իր զօրքերը դուրս բերել 4?5 տարի անց` դուռ բանալով ատրպէյճանական կողմէ Արցախի ամբողջական գրաւման: Նոյնիսկ աւելի վատ, ռուսական զօրքերը կրնան շատ աւելի կանուխ դուրս գալ, եթէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատերազմ սկսի:

«Յայտարարութեան» 5րդ կէտին մէջ կը նշուի, որ «կրակի դադրեցման վերահսկողութեան համար պէտք է ստեղծուի «խաղաղապահ կեդրոն»՝ առանց նշելու, թէ ո՛վ պիտի ղեկավարէ նման կեդրոն մը: Այս «Յայտարարութեան» ստորագրումէն քանի մը օր անց յայտնի դարձաւ, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ զօրքերը միասին պիտի կառավարեն այս կեդրոնը, որ պէտք է տեղակայուի Ատրպէյճանի տարածքին վրայ՝ Արցախէն դուրս: Ասիկա, հաւանաբար, նախագահ Փութինի կողմէ զիջում մըն էր Թուրքիոյ՝ թրքական զօրքերուն թոյլ չտալու համար, որ միանան ռուս խաղաղապահներուն:

«Յայտարարութեան» 6րդ կէտը Հայաստանէն կը պահանջէ 15 Նոյեմբեր 2020ին Քելբաջարը վերադարձնել Ատրպէյճանին: Այս ամսաթիւը հետագային փոխուեցաւ 25 Նոյեմբերի: Ասիկա մէկ անգամ եւս ցոյց կու տայ, որ կարելի է փոփոխութեան ենթարկել «Յայտարարութեան» պայմանները: 6րդ կէտը նաեւ կոչ կ՛ընէ կառուցելու նոր երթուղի «յառաջիկայ երեք տարիներուն ընթացքին»՝ Արցախը Հայաստանի հետ կապելու համար՝ շրջանցելով Շուշին, որ ներկայիս գրաւուած է Ատրպէյճանի կողմէ:

«Յայտարարութեան» 7րդ կէտը կը նախատեսէ, որ «ներքին տեղահանուած մարդիկ եւ գաղթականներ պէտք է վերադառնան Լեռնային Ղարաբաղի տարածք եւ յարակից տարածքներ՝ ՄԱԿի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի վերահսկողութեան տակ»: Կ՛ենթադրուի, որ թէ՛ ատրպէյճանցի եւ թէ հայ գաղթականները իրաւունք ունենան վերադառնալու իրենց տուները Արցախի մէջ եւ յարակից տարածքներ: Կասկածելի բան է, սակայն, որ հայերը ուզեն վերադառնալ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներ: Յստակօրէն չէ նշուած, թէ արդեօք ատրպէյճանցի գաղթականները իրաւունք ունի՞ն վերադառնալու Արցախի կողմէ վերահսկուող հայկական տարածքը, ինչ որ կրնայ բախումներ յառաջացնել երկու համայնքներուն միջեւ:

«Յայտարարութեան» 8րդ կէտը կը պահանջէ «փոխանակել ռազմագերիները, պատանդները, բանտարկուած մարդիկ եւ դիակները»: Այնուամենայնիւ, վերջնական ժամկէտ չէ սահմանուած նման փոխանակման համար: Քանի որ աւելի շատ հայ, քան ատրպէյճանցի գերիներ կան, ասիկա լուրջ հարց պիտի ստեղծէ մեր գերեվարուածներու ընտանիքներուն համար, որոնց զաւակները Ատրպէյճանի կողմէ կ՛ենթարկուին բարբարոսական վերաբերումի:

«Յայտարարութեան» 9րդ կէտը ամէնէն կարեւորն ու ամէնէն վտանգաւորն է Հայաստանի ապագային համար: Անիկա կոչ կ՛ընէ միջանցք մը ստեղծելու Ատրպէյճանի հիմնական տարածքին եւ Նախիջեւանի միջեւ՝ Հայաստանի հարաւային հատուածով, Իրանի սահմանին մօտակայքը: Ասիկա կարմիր գիծ է, որ Հայաստանի ոչ մէկ ղեկավար իրաւունք ունէր հատելու: Ասիկա կը վտանգէ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը: Նման միջանցք մը եղած է փանթուրանական վաղեմի երազանք` ցամաքային ճանապարհով Թուրքիան միացնելու Ատրպէյճանին եւ անկէ ետք Կեդրոնական Ասիոյ մնացած թրքական հանրապետութիւններուն: Ասիկա կէտ մըն է, որ Փաշինեան պէտք էր կտրականապէս մերժէր: Յոյսով եմ, որ շատ ուշ չէ փոխելու այս դաւաճանական դրոյթը: Կարելիութիւններէն մէկը այն է, որ եթէ Ատրպէյճան խախտէ «Յայտարարութեան» որեւէ կէտ, ապա Հայաստան այնուհետեւ անվաւեր կը համարէ համաձայնագիրին 9րդ կէտը: Օրինակ, եթէ ատրպէյճանական ուժերը յարձակին Արցախի ներկայիս հայաբնակ հատուածին վրայ կամ փակեն Լաչինի նոր միջանցքը, ապա Հայաստան եւս կրնայ փակել Հայաստանի հարաւը գտնուող ատրպէյճանական միջանցքը: Մէկ այլ հնարաւորութիւն կրնայ ըլլալ, երբ հինգ տարի ետք Ատրպէյճան պահանջէ ռուս խաղաղապահներէն հեռանալ Արցախէն: Անկէ ետք, Հայաստան կրնայ փակել իր տարածքը հատող ատրպէյճանական միջանցքը, որովհետեւ «Յայտարարութիւնը» կը պահանջէ, որ ռուսական զօրքերը երաշխաւորեն այս միջանցքին անվտանգութիւնը: Փաշինեանի այն բացատրութիւնը, թէ այս դրոյթը թոյլ կու տայ Հայաստանին օգտագործել Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գտնուող երկաթուղագիծը՝ բեռներ Ռուսիա փոխադրելու համար, երազա՛նք է: Ոչ մէկ հայկական բեռնատարի թոյլ կու տան, որ անցնի Նախիջեւանով կամ Ատրպէյճանով: Աւելին, այս միջանցքը կը մեկուսացնէ Հայաստանը Իրանէն, որ Հայաստանի համար կարեւոր սահման է: Հայաստանի եւ Իրանի համար իրավիճակը աւելի վատթարացնելու համար, Ատրպէյճան կը նախատեսէ կազատար եւ երկաթուղային գիծեր կառուցել այս միջանցքով՝ այդպիսով շրջանցելով Իրանի տարածքը, ինչ որ Իրանը կը զրկէ շահութաբեր եկամուտներէ:

Ամէնէն զարմանալին այն է, որ «Յայտարարութիւնը» չի նշեր Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճան բերուած «ճիհատ»ական վարձկաններուն մասին: Այս ահաբեկիչներուն ներկայութիւնը միջազգային իրաւունքի խախտում է եւ լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ Ռուսիոյ, Իրանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի համար: Այս բանը Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը վերջերս Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին մատնանշեց: Այս բացթողումը պէտք է ուղղուի անմիջապէս՝ «Յայտարարութեան» մէջ նոր կէտ աւելցնելով՝ պահանջելով Ատրպէյճանէն հեռացնել սուրիացի վարձկանները իր տարածքէն:

Ի լրումն այս յատուկ կէտերուն՝ ստորագրուած «Յայտարարութիւնը» պէտք չէ համարուի իրաւական փաստաթուղթ, որովհետեւ ո՛չ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը, ոչ ալ Հայաստանի խորհրդարանը հաստատած են զայն: Փաշինեան իրաւունք չունի առանձինն փաստաթուղթ ստորագրելու Հայաստանի Հանրապետութեան անունով՝ առանց համապատասխան մարմիններու համաձայնութեան, ինչպէս կը պահանջէ Սահմանադրութիւնը:

Հայաստան այժմ առաւելագոյնը հինգ տարի ժամանակ ունի ռազմական հզօրացման համար` ստեղծելով կամ ձեռք բերելով ժամանակակից ռազմական համակարգեր, որպէսզի կարենայ ետ մղել Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նոր յարձակումը Արցախի կամ Հայաստանի վրայ: Ինչպէս նշուած է նախապէս, Հայաստան պէտք է անյապաղ ճանչնայ Արցախը կա՛մ իբրեւ անկախ պետութիւն, կա՛մ իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մաս, այդ ճանաչումը իբրեւ սակարկութեան քարտ օգտագործելով` Ատրպէյճանի հետ սոյն համաձայնագիրը բանակցութիւններու ընթացքին բարելաւելու համար:


ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

İlgili Yazılar

Bir cevap yazın

E-posta hesabınız yayımlanmayacak. Gerekli alanlar * ile işaretlenmişlerdir